Քանի շաբաթ է արդէն, որ Դիմատետրի էջերը ողողուած են ՀՀ նախագահական «ընտրութեան» հետ կապուած դէպքերով ու դէմքերով...Գործող նախագահին շուրջ այնքան շատ են կաշառուած ու կաշառուող մարդիկ, այսինքն անոնք որ ինչ-որ պաշտօն, դիրք են գրաւած, ինչ-որ գումար կը ստանան իր «բարեհաճութեամբ»...կամ յոյս ունին նման ողորմութեան փշուրներ ստանալու եւ օգտուելու իշխանական կերակրատաշտէն, որ ստրկամտօրէն կ՚ենթարկուին լարուած տեսակ-տեսակ որոգայթներուն, նպաստելով որ ան փքուռոյց գոռոզութեամբ շրջի Հայաստանով մէկ....խաբելով ժողովուրդը «Դէպի Ապահով Հայաստան» անիմաստ լոզունգով ....Իսկ արդար ընդվզումի կամ բողոքի ձայները՞....որոնք մէկ-մէկ կը պոռթկան՝ «ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՄԵՐԿ Է» շեշտադրումով...կ՚անտեսուին իր եւ ամբոխին կողմէ, որ կոյր համակերպողականութեամբ եւ ստրկամտութեամբ կը հետեւի քարոզարշաւի ՍՈՒՏ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ...ա՛լ ամբողջովին կամայ թէ ակամայ ենթարկուած ըլլալով այս խեղկատակութեան գործընթացին....Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՐԹՆԱՑՄԱՆ ՊԱՀԸ...ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ ՊԱՀԸ...երբ վերջապէս ժողովուրդը պիտի դառնայ ՏԷՐԸ իր իշխանութեան....իր կամքին ու ճակատագրին: ԱՅԴ ՕՐԸ ԳԱԼՈՒ Է, ՎԱՂ ԹԷ ՈՒՇ: